2009-03-28 11:55:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը` կ՛ընդունի Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահը` Հանդիպումին ընթացքին խօսակցութեան գլխաւոր նիւթն էր ՜՜քրիստոնեայ եկեղեցիներու իրավիճակը Կիպրոսի հիւսիսային շրջանին մէջ, խաղաղութեան բանակցութիւնները եւ Ափրիկէն։


Խաղաղութիւնը, Ափրիկէն եւ հիւսիսային Կիպրոսի եկեղեցիներու իրավիճակը, Ասոնք եղան խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի եւ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Տիմոթրիս Քրիստոֆիասի միջեւ։

Ապա Կիպրոսի նախագահը յաջորդաբար տեսակցութիւն ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի հետ եւ Ս. Աթոռի արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց թէ Կիպրոսի նախագահը Սրբազան Քահանայապետին պարզեց Կիպրոսի՝ թրքական հողաշերտի վրայ գտնուող եկեղեցիներու ցաւալի կացութիւնը եւ միաժամանակ մատնանշեց բարի կապերու կարեւորութիւնը կղզիի կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու, ու նաեւ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։ Ամէնքս կանչուած ենք համագործակցելու ընկերութեան հասարակաց բարիքին ու խաղաղ համակեցութեան համար։ Կիպրոսի նախագահը Հռոմ իր կեցութեան ընթացքին պատւոյ շքանշան շնորհեց Սանդ՛Էճիտիոյ եկեղեցական շարժումի հիմնադիր Անտրէա Ռիգարտիին։

Սրբազան Քահայանապետը նախապէս ընդունեց Խազախիստանի նախագահը








All the contents on this site are copyrighted ©.